![ryanhamparian](http://web.archive.org./web/20161121001211im_/http://www.arfd.info/hy/wp-content/uploads/2016/11/RyanHamparian.png)
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Փօլ Ռայընի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեանի միջեւ. ընթացքին քննուած են ամերիկահայութեան համար առաջնահերթ կարեւորութիւն ներկայացնող հարցեր, յատկապէս՝ երկրի արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութիւնը Նոյեմբեր 15ին, յաջորդ երկու տարուան համար խօսնակ վերընտրած է Ռայընը։ Հանդիպման ընթացքին, Ռաֆֆի Համբարեան պատրաստակամութիւն յայտնած է մօտէն գործակցելու Ռայընի եւ հանրապետական մեծամասնութեան, ինչպէս նաեւ՝ դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավարներ Նենսի Փելոսիի եւ Սթենի Հոյըրի հետ, Յունուար 2017ին ճամբայ մեկնող…