• Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու Տէմիրթաշ. «Ես հայկական թաղի մէջ մեծցայ եւ հասկցայ, թէ հայերը ինչպիսի խտրականութեան ենթարկուած են»

    photo
    Քրտամէտ Ժողովրդային Դեմոկրատ - HDP (Halklar?n Demokratik Partisi (HDP)) lուսակցութեան fամանախագահ եւ Թուրքիոյ նախագահութեան թեկնածու Սէլահատտին Տէմիրթաշ Իսթանպուլ՝ Կալաթասարայի Ճէզայիր հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծեց իրար հետ միասնութիւն պահելու, ամէն տեսակ խտրականութեան դիմագրաւելու հրամայականները։ Տէմիրթաշ բաւական աշխոյժ ընտրապայքար մը յառաջ կը տանի եւ վստահ պիտի ապահովէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն քուէները։ Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան [...]

    մանրամասն

  • Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 10-րդ բանակում

    ՀամաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ բանակումի մեկնարկը պիտի տրուի 31 Յուլիս 2014ին, Բիւրականի մէջ, Հայաստան։ Բանակումին կը մասնակցին 728 Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներ, 17 երկիրներէ՝ Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Քուէյթ, Իրաք, Երուսաղէմ, Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), Ֆրանսա, Անգլիա, Հոլանտա, Յունաստան եւ Իրան։ Բանակումին նշանաբանն է.- «Արագածէն Արարատ, տէրն ենք մեր Դատին»։ Աշխարհասփիւռ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները, մէկտեղուելով հայրենիքի մէջ, 10 անմոռանալի օրեր պիտի անցընեն՝ [...]

    մանրամասն

  • Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» գիրքը ռուս բեմադրիչին ներշնչած է

      Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութիւնը ռուս բեմադրիչ Վիթալի Մանսկիի ներշնչանքի աղբիւր դարձած է: Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութեան վրայ հիմնուած «Գիրքը» ժապաւէնը առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Երևանեան «Ոսկէ ծիրան» 11-րդ միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս։ Ֆիլմի Յուլիս 14-ի առաջին ներկայացման պիտի մասնակցի նաև ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ֆիլմը իրականացած է Մեսրոպ քահանայ Արամեանի ջանքերով, որ բեմագրութեան համահեղինակն է: «Ֆիլմի ներշնչանքն ի յայտ է գալիս գրքից, բայց գրքի [...]

    մանրամասն

  • Թուրքիոյ մէջ լոյս պիտի տեսնէ համշէնահայերէնով առաջին ամսագիրը

    Խումբ համշէնահայեր, Համշէնի լեզուն և մշակոյթը տարածելու և ապագայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով կը պատրաստուին տպագրել համշէնահայէրենով առաջին ամսագիրը Թուրքիոյ մէջ: Պարբերականը պիտի կրէ «Գոր» (համշէնահայերէնով` կամաւոր աշխատանք) անունը: Խումբը սոյն ամսագրի հրատարակման աջակցելու կոչ  ըրած է բոլոր համշէնցիներուն` հանդէս գալով «Գիրի գոր ունիք, դուք ալ թև ձգեցէք» (համշենահայերէն` «Գիրի մեր կամաւոր աշխատանքին դուք էլ մասնակցեցէք») կարգախօսով: Այս մասին հաղորդում է Akunq.net-ը` վկայակոչելով թրքական «Տիջլէ» լրատուական գործակալութիւնը և «Էվրենսել» [...]

    մանրամասն

  • Արդեօ՞ք Էրտողանը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի բանայ

    Հետք լրատուական կայքէջի աշխատակից Արմէն Առաքելեան հետեւեալ ձեւով կը վերլուծէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման մասին վերջերս թրքական մամուլին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը: Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յանձնարարած է այս տարուան Սեպտեմբերին բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։ Թերթը այս որոշումը կը կապէ հայ-թրքական հաշտեցման ուղղուած Էրտողանի նախաձեռնութիւններու հետ՝ գրելով, թէ ատիկա պիտի ըլլայ այդ հարցին մէջ անոր երկրորդ քայլը՝ այս տարուան Ապրիլի [...]

    մանրամասն

  • Աշնան հայ խաղաղապահները պիտի մեկնին Լիբանան

    ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Աշնան հայ խաղաղապահները պիտի մեկնին Լիբանան՝ հոն կատարելու խաղաղապահ առաքելութիւն եւ նպաստելու միջազգային անվտանգութեան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան սպառազինութիւններու եւ միջազգային անվտանգութեան վերահսկողութեան վարչութեան պետ Սամուէլ Մկրտչեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ իրաւական առումով հարցերը կարգաւորուած են, համաձայնութեան գոյացման վերաբերեալ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը արդէն ստորագրուած են թէ՛ Իտալիոյ, թէ՛ ՄԱԿի գրասենեակին մէջ, եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշնան հայ խաղաղապահները կը մեկնեն Լիբանան: Խաղաղապահ ոլորտին [...]

    մանրամասն

 1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 » Last 

         
       Kantsasar Weekly  Diario Armenia