Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՈղիմպիական խաղեր (անգլերէն՝ Olympic Games, Olympics, ֆրանսերէն՝ Jeux olympiques), աշխարհի ամենամեծ միջազգային մարզական իրադարձութիւններէն մէկն է՝ իր ամառնային եւ ձմեռնային մարզաձեւերու մրցաշարքերով, որոնց ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներ ներկայացնող հազարաւոր մարզիկներ կը մասնակցին բազմատեսակ մրցումներու։ Ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի աւելի քան 200 երկիր։ Խաղերը տեղի կ'ունենան չորս տարին մէկ անգամ: Ամառնային եւ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան հերթականութեամբ՝ իրարմէ երկու տարի տարբերութեամբ։ Ժամանակակից Ողիմպիական Խաղերու ստեղծումը ոգեշնչուած է հին Ողիմպիական խաղերէն, որոնք տեղի կ'ունենային Հին Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ՝ Ք.ա. 8-րդ դարէն սկսեալ: Սակայն Ք.ե. 4-րդ դարուն այդ խաղերը կ'արգիլուին։ 1894-ին, Փիեռ տը Քուպերթենի ջանքերով կը հիմնադրուի Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, որու գլխաւորութեամբ 1896-ին, Աթէնքի մէջ տեղի կ'ունենան ժամանակակից առաջին Ողիմպիական խաղերը: 20-րդ եւ 21-րդ դարերու ընթացքին կը ստեղծուին Ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 745 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝