Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԲժշկական զբօսաշրջութիւնը կամ առողջապահական զբօսաշրջութիւնը կ'իրականացուի որեւէ երկիրի մէջ բուժում ստանալու նպատակով։ Անցեալին, նուազ յառաջացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդէին դէպի բժշկական մեծ կեդրոններ, որոնք կը գտնուէին յառաջացած երկիրներու մէջ, ստանալու այն բժշկական օգնութիւնը, որ անհասանելի էր իրենց երկիրներուն մէջ։ Վերջերս, զարգացած երկիրներէ մարդիկ կը ճամբորդեն նուազ յառաջացած երկիրներ, բժշկական նպատակներով, ուր ծախսերը համեմատաբար աւելի նուազ են. թէեւ աւանդական ձեւը դեռ կը կիրարկուի։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, յոյն ուխտաւորներ ճամբորդած են Միջերկրական ծովէն մինչեւ Սարոնիքոս ծոց, որ կը համարուէր բժշկութեան աստուած Ասքլիպիոսի սրբավայրը։ Առողջարանային քաղաքները եւ առողջարանները կարելի է համարել բժշկական ճամբորդութեան հին ձեւեր։ ԺԸ. դարուն, Անգլիոյ մէջ հիւանդները կ'այցելէին առողջարանային կենդրոններ, ուր հանքային ջուրերով լուծում կը գտնէին արեան թանձրացման եւ թոքատապի կամ թոքախտի հետ կապուած հարցերու․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 525 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝