Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՏայանա, Ուէյլզի Իշխանուհի (անգլերէն՝ Diana, Princess of Wales), 1981-1996 Չարլզ Արքային կինը։ 100 մեծանուն բրիտանացիներու ցանկին մէջ, ան գրաւած է երրորդ դիրքը։ Ծնած է Նորֆոյի մէջ, Սանտրինկհամի Փարք Հաուսին մէջ։ Ան Ճոն Սփենսըրի եւ անոր առաջին կնոջ՝ Ֆրանսիսի հինգ զաւակներէն չորրորդն էր։ Հայրը՝ Սփենսըր-Չըրչիլ ընտանիքին տոհմաճիւղին ներկայացուցիչն էր, ինչպէս Մարլպորոյի եւ Ուինսթըն Չըրչիլի դքսուհիները։ Երբ Տայանա 8 տարեկան էր, ծնողքը կ'ամուսնալուծուին։ Տայանա քոյրերուն եւ եղբօր հետ միասին կը տեղափոխուին իրենց հօր բնակարանը։ Ամուսնալուծութիւնը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ Տայանային կեանքին մէջ: Կարճ ժամանակ ետք, տան մէջ կը յայտնուի խորթ մայրը՝ Ռէյնը, որուն հետ ինք, քոյրերն ու եղբայրը լաւ յարաբերութիւն չեն ունենար։ Անոնք վանողական դիրք մը կ'որդեգրեն խորթ մօր նկատմամբ, զինք «Թթուային անձրեւ» կոչելով («Acid Rain»): Տայանա կը յաճախէ Ուեսթ Հիթ աղջկանց վարժարանը, ուր կը նկատուի միջինէն ցած աշակերտուհի մը` երկու անգամ ձախողելով աւարտական դասարանի իր բոլոր քննութիւններուն (քննութիւններ, որոնք տրուած էին 16-ամեայ ուսանողներուն Բրիտանիոյ մէջ` ստուգելու համար անոնց դպրոցական գիտելիքները): Տայանա տաղանդաւոր ոչ արհեստավարժ երգչուհի էր եւ կը տենչար պալերինա դառնալ, թէեւ անոր համար չափազանց բարձրահասակ կը նկատուէր․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 422 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝