Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԾաղիկ, երբեմն ծանօթ իբրեւ ծաղկում կամ վերարտադրում. ծաղկող բոյսերու փոշոտման, բեղմնաւորման, սաղմի զարգացման եւ պտուղի գոյացման գործառնութիւն։ Կը յառաջանայ տերեւներէ զուրկ ցօղունին՝ ծաղկակոթին վրայ։ Ծաղիկները կը զարգանան ծաղկաբողբոջներէն։ Սովորաբար ծաղիկը ցօղունին կը միանայ ծաղկակոթով, որուն լայնցած մասը կը կոչուի ծաղկակալ։ Սակայն որոշ բոյսերու ծաղիկներ ծաղկակոթ չունին եւ անմիջապէս կը միանան ցօղունին (նստադիր ծաղիկներ)։ Ծաղիկը կազմուած է ծաղկաբաժակէն, պսակէն, առէջներէն ու վարսանդներէն։ Ծաղիկին կեդրոնը կը գտնուի վարսանդը։ Վարսանդը կազմուած է սպիէն, սռնակէն եւ սերմնարանէն։ Սերմնարանին ներսը, կը գտնուին քանի մը սերմնաբողբոջներ, որոնցմէ կը զարգանան սերմերը, իսկ ամբողջ սերմնարանէն՝ պտուղը։ Վարսանդի սպին կրնայ իր վրայ պահել փոշեհատիկը։ Վարսանդը շրջապատուած է առէջներով։ Իւրաքանչիւր առէջ կազմուած է առէջաթելէն եւ փոշանօթէն։ Փոշանօթին մէջ կը զարգանան փոշեհատիկներ։ Արտաքինէն ծաղիկը պատուած է բաժակաթերթերով, որոնք կանաչ գոյն ունին եւ կը կազմեն ծաղիկին բաժակը։ Բաժակաթերթիկները պաշտպանական պաշտօն կը կատարեն յատկապէս մինչեւ ծաղկիլը, յաճախ ալ կը մասնակցին լուսաբաղարկումին․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 10 240 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝