Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՍ. Միւռոն, սրբազան ու սրբալոյս նիւթ մը, որ յատուկ օրհնութեամբ կը պատրաստուի կաթողիկոսներու ձեռքով: Միւռոնի գլխաւոր նիւթն է ձէթը, որուն կը խառնուի չափաւոր քանակութեամբ բալասան եւ քառասուն տեսակի հոտաւէտ խունկերու, փայտերու եւ բոյրերու խառնուրդով նիւթ մը: Անուշաբոյր իւղերու այս բաղադրութիւնը կը գործածուի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ մկրտութեան եւ օծման արարողութիւններու ընթացքին։ Իւղով օծուելու սովորութիւնը կանուխ դարերէն ի վեր կիրարկած են հին ցեղախումբեր: Հին Ուխտի ժողովուրդին մօտ ատիկա արդէն տարածուած սովորութիւն էր, երբ անոնք իւղով կ'օծէին յատկապէս այն անձերը, որոնք կոչուած էին դառնալու առաջնորդ, քահանայապետական կամ թագաւորական իշխանութեամբ հովուելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը: Աստուծոյ կողմէ ընտրեալ մարդիկ կ'ըլլային անոնք եւ նշանակուած յատուկ անձի մը կողմէ, նուիրեալներուն գլխուն կը թափէր իւղը իբրեւ նշան՝ Աստուածատուր պաշտօնին ստացման: Միայն մարդոց պարագային չէր սակայն օծումը, այլ իւղով կ'օծէին նաեւ սպասներ, կրօնական կամ ազգային նշանակութիւն ունեցող առարկաներ: Այսպէս, Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Յակոբ նահապետ օծած է այն քարը, որուն վրայ իր գլուխը դրած էր։ Դարձեալ իւղով օծուած է Մովսէսի հաստատուած վկայութեան Խորանը, ողջակէզներու սեղանները իրենց բոլոր սպասներով: Նախնական շրջանին միայն ձիթենիի իւղը օգտագործուած է, սրբագործելու համար ընտրեալ անձերն ու սրբազան անօթները ․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 10 186 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝