Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԿենաց ծառը, առասպելական բոյս մը, որ դրախտին մէջ (երկինքի) աստուածներուն ու արդարներուն անմահութիւն կը պարգեւէ: Հայ իրականութեան մէջ՝ բնութեան պաշտամունք, բարօրութիւն եւ առատութիւն կը խորհրդանշէ: Կենաց ծառը հին ժամանակներու պատկերացում է, որ առաւելաբար մշակուած է նստակեացութեան, անասնապահութեան եւ յատկապէս ոռոգուող երկրագործութեան զարգացման շնորհիւ: Կենաց ծառի գաղափարին մէջ ընդգրկուած են մարդկային կենսափորձի իմաստութիւնները եւ բնութեան օրինաչափութիւններու նկատմամբ հին պատկերացումները: Կենաց ծառը կը համարուի հնագոյն մարդու կրօնածէսծիսական պատկերացումներու առանցքային բաղադրիչներէն մէկը: Կենաց ծառի պաշտամունքը ընդունուած է ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ իւրաքանչիւր մշակոյթ կը կրէ իր միջավայրին տեղական իւրայատկութիւնները: Առանձին վայրերու մէջ սրբացուած են նաեւ ծառերու տարբեր տեսակներ: Անհրաժեշտ է կատարելապէս ուսումնասիրել այն հասկացողութիւնները, որոնք հիմնուած են բոյսերու ու ծառերու պաշտամունքին վրայ․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 9740 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝