Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՍ. Սոֆիա տաճար, «Ս. իմաստութիւն»; լատ.՝ Sancta Sophia կամ Sancta Sapientia; թրք.՝ Ayasofya Camii), նախապէս՝ յունական ուղղափառ քրիստոնէական տաճար, աւելի ուշ՝ օսմանեան մզկիթ, մինչեւ 2020՝ թանգարան (Այա Սոֆիա թանգարան), իսկ 10 Յուլիս, 2020-էն՝ մզկիթ Կ.Պոլսոյ, Թուրքիոյ մէջ: Տաճարը կառուցուած է Ք.Ե. 537-ին եւ նշանաւոր է իր իւրօրինակ գմբէթով: Այս տաճարը աշխարհի ամենամեծ կառոյցներէն եւ ճարտարապետութեան գլուխ գործոցներէն մէկը կը համարուի: Անիկա կը համարուի նաեւ բիւզանդական ճարտարապետութեան մարմնաւորումը: Իր ստեղծման օրէն՝ 537, մինչեւ 1453, անիկա եղած է Արեւելեան ուղղափառ տաճար մը եւ հանդիսացած՝ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին նստավայրը: Միայն 1204-1261 թուականներուն ընթացքին տաճարը խաչակիրներու կողմէ (Խաչակիրներու Դ. արշաւանքին ատեն) վերածուած է Կաթոլիկ եկեղեցւոյ, որ կը գտնուէր Լատինական կայսրութեան տիրապետութեան տակ: 29 Մայիս 1453-ին, Ս. Սոֆիա տաճարը վերածուած է Օսմանեան մզկիթի. այս կարգավիճակով մնացած է մինչեւ 1931: 1 Փետրուար 1935-էն դարձած է բաց թանգարան: Շուրջ հազար տարի, մինչեւ Սեւիլիոյ տաճարին կառուցումը, (1520,Սպանիա) Ս. Սոֆիա տաճարը համարուած է աշխարհի ամենամեծ տաճարը․․․Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 8569 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝