Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը
Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան կամ Եւրոպական Դատարան, ՄԻԵԴ (անգլերէն՝ European Court of Human Rights, ֆր.՝ Cour européenne des droits de l’homme), Ստրասպուրկի մէջ հիմնուած (1959) միջազգային դատարան է, որու դատաւորներու թիւը կը համապատասխանէ Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան Եւրոպական պայմանադրութեան վաւերացուցած Եւրոպական Խորհուրդի անդամ պետութիւններու թիւին, այժմ` քառասունեօթը:Դատարանը կը գործադրէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական պայմանագիրը։ Անոր նպատակն է երաշխաւորել պայմանագիրին մէջ ամրագրուած իրաւունքներուն եւ երաշխիքներուն նկատմամբ յարգանքը՝ անդամ պետութիւններուն կողմէ, ինչ որ Դատարանը կ'իրականացնէ անհատներու, երբեմն նաեւ պետութիւններու ներկայացուցած բողոքները (որոնք յայտնի են իբրեւ «դիմումներ») զննելու միջոցով։ Եթէ դատարանը նկատէ, որ անդամ պետութիւն մը ոտնահարած է վերոնշեալ իրաւունքներէն եւ երաշխիքներէն մէկը կամ աւելին, ապա որոշում կը կայացնէ։ Որոշումները պարտադիր իրաւական ուժ կ'ունենան։ Խնդրոյ առարկայ պետութիւնները պարտաւոր են ենթարկուելու անոնց։ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին գործընթացը մրցակցային է եւ դռնբաց․․․ Աւելին⇒
Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 7928 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝