Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՄեծն Աղեքսանտր կամ՝ Աղեքսանտր Գ. Մակետոնացին, լատ.՝ Alexander III Magnus, 20 Յուլիս Ք.ա. 356, Փելլա, Կեդրոնական Մակետոնիա, Յունաստան - 10 Յունիս Ք.ա. 323, Բաբելոն, Իրաք), արեւմտեան պատմագրութեան մէջ յայտնի է իբրեւ Մեծն Աղեքսանտր (դասական հայերէնի մէջ - անուան ստուգաբանական նշանակութիւն՝ հին յուն․՝ ἀλέξω (alexo) բառը կը նշանակէ «պաշտպանել, օգնել», հին յուն․՝ ἀνήρ (andr) ՝ «այր մարդ»), Մակետոնիոյ արքայ (Ք.ա. 336-էն), զօրավար։ Արղէատներու հարստութեան Δυναστεία των Αργεαδών ընտանիքէն (հին յունական թագաւորական ընտանիք մը)։ Ծնած է Մակետոնիոյ մայրաքաղաք Փելլայի մէջ եւ գահը ժառանգած 20 տարեկանին։ Ստեղծած է հին աշխարհի մեծագոյն կայսրութիւններէն մէկը, որ կը տարածուէր Յոնիական ծովէն մինչեւ արեւմտեան Հնդկաստան։ Գլխաւոր դերակատարն է Հելլենիստական մշակոյթի ստեղծման եւ տարածման։ Աղեքսանտր ճանչցուած է իբրեւ մարդկութեան պատմութեան մեծագոյն զօրավարներէն մէկը։ Ան յաղթած է իր մասնակցած բոլոր ճակատամարտերուն՝ հակառակ անոր, որ միշտ առճակատած է աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ։ Աղեքսանտր կը թագադրուի իր հօր՝ Մակետոնիոյ թագաւոր Փիլիպոս Բ. Մակետոնացիի սպանութենէն ետք։ Կը ժառանգէ հսկայ պետութիւն մը եւ հզօր բանակ մը։ Կը յաջողի իրականացնել ռազմական եւ քաղաքական պատուաբեր ծրագիրներ։ Ք.ա. 334-ին, Աղեքսանտր կը ներխուժէ Փոքր Ասիա, որ Պարսկական Կայսրութեան մաս կը կազմէր Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 7908 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝