Գիրք

Jump to navigation Jump to search
Գիրքեր

Գիրք, ձեռագիր, տպագիր կամ այլ գրիչի վրայ գրական-գեղարուեստական, հասարակական-քաղաքական եւ գիտական բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւն է։ Ներկայիս ամենաշատ տարածուածը թուղթի վրայ տպագրուած գիրքն է։

Գիրքը կազմուած է բնագիրէ, տիտղոսաթերթէ եւ կազմէ, եւ որ այս վերջինը երբեմն կունենայ կազմաշապիկ։ Տիտղոսաթերթին վրայ կը գրուին հեղինակին անունը եւ գիրքին վերնագիրը, հրատարակութեան վայրը եւ տեսակը, հրատարակչութիւնը եւ վերջապէս տպագութեան տարեթիւը։

Գիրքին սկզբնաւորումը կապուած է գիրի ստեղծման հետ, որ քանի մը հազար տարուան պատմութիւն կ՛ընդգրկէ։ Անցեալին բաբելոնցիները, ասորեստանցիները եւ այլ հին ժողովուրդներ ընդհանրապէս գրած են կաւէ պատրաստուած սալիկներու վրայ։ Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակին այդ սալիկներուն վրայ գրուած գեղարուեստական հնագոյն՝ ասուրապապելական «Կիլկամեշ» դիւցազնավէպը մինչեւ այսօր պահպանուած է։ Այսպիսի ձեւով կազմուած գիրգերէն է ստեղծուած առաջին գրադարանները։ Չինաստանի մէջ գրած են բամբուկէ պատրաստուած շերտիկներու վրայ եւ շարած ամուր թելի մը վրայ։ Աւելի ուշ չինացիները գրած են մետաքսի վրայ, իսկ Ք․Ե․ 2-րդ դարէն սկսեալ՝ թուղթի։ Հին Եգիպտոսի մէջ նախ գրած են կաւէ սալիկներու, եւ այնուհետեւ՝ պապիրոսի վրայ, որ եղէգի կոխած շերտիկներ իրարու փակած քանի մը տասնեակ մեթր երկարութեամբ ժապաւեն էր եւ կը պահուէր գլանաձեւ փաթթուած։ Ք.Ա. 2-րդ դարուն Պերգամոն քաղաքին մէջ կենդանիներու կաշին օգտագործելով պատրաստուած է նոր գրանիւթ եւ քաղաքին անունով կոչուած է պերգամենտ։ Այն մեր գիտցած մագաղաթն է։ Մագաղաթէ ամենահին ձեռագիրը Հոմերոսի «Իլիական» բանաստեղծութիւնի՝ 3-րդ դարուն գրուած հատուած մըն է։ Մագաղաթը պապիրոսէն աւելի ճկուն ու ամուր էր, եւ դիւրութեամբ ծաւալուած, իսկ ծալլուածքի մասին մէջ թերթերը կարուած եւ միացուած էին իրար։ Միջնադարուն մագաղաթէ թերթերը կամփոփուէին կաշեպատ կամ լաթապատ փայտէ կազմի մէջ։

Գիրքի զարգացման եւ ժողովրդականացման խոշոր ազդակ էր Յոհան Գուտենբերգի տպագրութեան գիւտը 1447 թուականին, որ դարձաւ գիրքի տպագրութեան հիմքը։ Հայաստանի մէջ, թուղթը իբրեւեւ գրանիւթ, օգտագործուած է 8–9-րդ դարերու ընթացքին։ Տպագրութիւնը 15-րդ դարուն զգալիօրէն ազդած է գիրքի զարգացումն ու տարածումը։ Հայերէն առաջին գիրքերը՝ ձեռագիր մատեանները, ստեղծուած են V դարուն, հայոց գիրի գիւտէն ետք։ Պահպանուած հնագոյն ձեռագիր մատեանը VII դարուն ստեղծուած Վեհամօր Աւետարանն է։ Ձեռագիր մատեաններ ստեղծուած են մինչեւ 18-րդ դարուն վերջը։ Թուղթի վրայ մեզի հասած առաջին ձեռագիր գիրքը ընդօրինակուած է 981 թուին։ Մինչեւ 1800 թ. տպագրուած գիրքերը կը կոչուին հնատիպ։ Անոնք բազմաբովանդակ են, բայց կ՛ընդգրկեն կրօնական բնոյթի գիրքերը։ Հրատարակուած են քիչ տպաքանակներով, մեծամասնութեամբ՝ կաշեպատ զարդարուն կազմերով։ Հայերէն հնատիպ գիրքերուն թիւը կանցնի 1000-էն։ 1801-50 թուականներուն հրատարակուած է շուրջ 1700 անուն գիրք: Ներկայիս Հայաստանի եւ տարբեր երկիրներուն մէջ ամէն տարի լոյս կը տեսնէ հազարաւոր հայերէն գիրքեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ CC-BY-SA-icon-80x15.png