Գլխաւոր Էջ
Ամսուան Յօդուածը«Կեանքը Հիանալի է» (անգլերէն՝ It's a Wonderful Life), բեմադրիչ Ֆրենք Քափրայի 1946-ին նկարահանած ամերիկեան ֆիլմ։ Դիպաշարին հիմքը ամերիկացի գրող Ֆիլիփ Վան Տօրէն Սթերնի «Ամէնէն մեծ նուէրը» ստեղծագործութիւնն է։ Առաջնախաղը կայացած է 20 Դեկտեմբեր 1946-ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Ֆիլմին գլխաւոր հերոսը՝ Ճորճ Պէյլին է, զոր մարմնաւորած է այդ օրերու նշանաւոր դերասան Ճէյմս Սթիուըրտը: Երկար տարիներէ ի վեր, Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ամանորեայ տօներուն, այս ֆիլմը կը ցուցադրուի պատկերասփիւռի կայաններէն, ինչպէս օրինակ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ «Ճակատագիրի հեգնանք, կամ «Բաղնիքդ անուշ» ֆիլմը։ Անիկա կը համարուի Ծննդեան Տօներու դասական ու լաւագոյն ֆիլմերէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին եւ կը հանդիսանայ Ամերիկեան բոլոր ժամանակներու 100 լաւագոյն ոգեշնչող ֆիլմերու ցանկին առաջինը․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 8892 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝