Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըԱրեգակնային դրութիւն, բաղկացած է արեւէն եւ անոր շուրջը դարձող երկնային մարմիններէն, ներառեալ Երկիրն ու այլ մոլորակները: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ նաեւ այլ փոքր մարմիններ ՝ գաճաճ մոլորակներ, երկնաքարակերպեր, եւ գիսաստղեր, ինչպէս նաեւ՝ կազի եւ փոշիի բարակ ամպ, որ ծանօթ է միջմոլորակային միջավայր անունով: Կան նաեւ մոլորակներուն արբանեակները, որոնց թիւը կը հասնի 150-ի եւ ծանօթ են լուսնակներ անունով: Սակայն արեգակնային դրութեան ամենամեծ մարմինն ու կեդրոնը կը համարուի Արեւը, որու ճառագայթները լոյս եւ ջերմութիւն կը սփռեն եւ կեանքը կարելի կը դարձնեն Երկրի վրայ: Արեգակնային դրութիւնը կը ներառէ ութ մոլորակներ, Արեւէն իրենց հեռաւորութեան հետեւեալ դասակարգումով՝ Փայլածու, Արուսեակ, Երկիր, Հրատ, Լուսնթագ, Երեւակ, Ուրան (Ուրանոս) եւ Նեպտիւն (Պոսիդոն): Բացի Արեւէն եւ Լուսինէն, կարգ մը մոլորակներ կարելի է տեսնել առանց աստղադիտակի: Ըստ կարգ մը աստղագէտներու, Արեգակնային համակարգը ձեւաւորուած է շուրջ 4,57 միլիար տարի առաջ: Արեգակնային դրութիւնը լեցուն է նաեւ փոշիով եւ այլազան չափի քարերով: Անոնք անդադար կը ռմբակոծեն Երկրագունդի մթնոլորտը: Մէկէն երկու մեթր տրամագիծով քար կարելի է ակնկալել իւրաքանչիւր օր, որ կը փշրուի մթնոլորտին մէջ․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 8064 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝