Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ եզրաբանութեան համարժէք բառը հայրենիքի մէջ կատարուած բառակերտումներով կը հայանայ, այդ պարագային, մեր ըմբռնումով, որեւէ արգելք չկայ զայն արեւմտահայերէնի մէջ եւս օգտագործելու: Բոլորիս համար պարզ է, որ լեզուն զարգացող հասկացողութիւն է, եւ երբ արեւմտահայերէնը չունի համապատասխան եզրաբանական գերատեսչութիւն, որ բառակերտում կատարէ, այդ պարագային պէտք է օրինաչափ նկատել հայրենիքի մէջ գործածուածը եւ զայն ներածել արեւմտահայերէնի մէջ: Այս մէկը լեզուագիտական գիտաժողովի նիւթ է եւ չի կրնար ամփոփուիլ այս սիւնակի սահմաններուն մէջ:…
«Ազդակ»ի Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Ե.) Մեր Մօտեցումները
Մեր խմբագրականներուն եւ առաջնորդող ակնարկներուն յատկանիշը ընդհանրապէս քաղաքագիտական-վերլուծաբանական է: Նման գրութիւններ ընդհանրապէս նկատի կ՛ունենան մասնագիտական բառապաշարի օգտագործումը: Եւ երբ տուեալ…