ՄԱՀԱԶԴ

click for more

ara-dem

Հ.Յ.Դ. Բիւրոն խոր վիշտով կը տեղեկացնէ, որ Նոյեմբեր 16ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքեց վաստակաշատ ընկեր, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երկարատեւ տարիներու գործավար (աշխատակազմի ղեկավար)

ԸՆԿԵՐ ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի

Հ.Յ.Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքի անունով վշտակցութիւններ կը յայտնենք ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
Երեւան

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ
Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն.¬ի Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէն իր խորին ցաւակցութիւնները կը փոխանցեն Լեւոն եւ Լալա Աթթարեաններուն անոնց հօր եւ աներհօր՝ ԱՐԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆի, մահուան առիթով, որ պատահեցաւ Պէյրութի (Լիբանան) մէջ, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2016ին։

***

Արա Տէմիրճեան ծնած է Քեսապ, Յունուար 18, 1948-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Պէյրութի Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականը:

Հետեւած է Հ.Յ.Դ. կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն, Հրաչ Տասնապետեանի կնքահայրութեամբ` 1972-ին անդամակցած է Հ.Յ.Դ. շարքերուն: Անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ հանդիսացած է Զ.Ո.Մ.-ի ատենապետ:

Արաբերէն լեզու դասաւանդած է Պէյրութի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ:

Եղած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի քարտուղար, ապա 1977-էն սկսեալ մինչեւ մահը վարած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի գործավարութիւնը, որուն պատճառով շրջան մը (1986-1996), նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է Յունաստան:

Դեկտեմբեր 2008-ին գումարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած է եւ այնուհետեւ վերընտրուած` Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ:

Արա Տէմիրճեան նշանակալի ներդրում ունեցած է Հ.Յ.Դ. Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան մէջ: Կուսակցական կեանքին ընթացքին, անմիջական գործակիցը եղած է ընկերներ Գէորգ Առաքելեանի, Սարգիս Ազնաւուրեանի, Աբօ Աշճեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ Հրայր Մարուխեանի:

Պսակուած է 1975-ին` Զարմիկ Կէօքճեանի հետ, որուն անակնկալ մահը 2014-ին իրեն համար եղաւ հիմնական կորուստ մը:

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մահկանացուն կնքեց չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 16-ի առաւօտուն, Պէյրութ:

Արա Տէմիրճեան ունի երեք զաւակ` Պետօ, Սարհատ եւ Լալա, եւ երեք թոռներ:

***

Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Տէմիրճեան եւ Աթթարեան ընտանիքներուն

Be the first to comment

Leave a Reply

Your email address will not be published.


*