«Ազդակ»ի Խմբագրական. Քաղաքական Հետեւողականութիւն

FotorCreatedՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջեւ ընթացող բանակցութիւնները նախնական փուլի մէջ են: Օրակարգը համագործակցիլն է եւ պարզը այն է, որ համագործակցելու սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է, որուն հիմնական նպատակը Դաշնակցութեան պարագային նոր սահմանադրութիւնը կեանքի կոչելն է: Համագործակցութեան ձեւաչափերը չեն ճշդուած տակաւին: Համագործակցելու եղանակներէն մէկը կրնայ ըլլալ ի վերջոյ համաձայնական կառավարութիւն կազմելը, որուն թուականին շուրջ եւս գէթ այս պահու դրութեամբ որոշում չէ կայացած: Թէեւ այստեղ հիմնաւորեալ մօտեցումը կը նշէ, որ համաձայնական կառավարութիւնները կը յաջորդեն խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ կը ճշդուին անոնց ապահոված արդիւնքներուն հիմամբ, այսուհանդերձ եթէ այս առումով հիմնական նպատակը սահմանադրութիւնը կեանքի կոչելու գործընթացին դերակատար ըլլալն է, ապա գործադիր իշխանութեան մաս կազմելը չի պայմանաւորուիր խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներով պայմանաւորուած համաձայնական կառավարութեան կազմութեամբ: Նոր սահմանադրութեան բերելիք յաւելեալ ժողովրդավարացումն է ու մանաւանդ բացարձակ համամասնականութեամբ արդար ընտրութիւններ կազմակերպելը մեկնակէտի վերածելու համար անհրաժեշտ է գործադիր իշխանութեան մէջ ըլլալով այդ մշակոյթի ձեւաւորման եւ կայացման համար աշխատիլը: Այս բոլորը քննարկելի խնդիրներ են տակաւին եւ հաւանաբար մաս կը կազմեն բանակցութիւններու հետագայ փուլերուն:

Առարկայական մօտեցումը կը յուշէ, որ ինչպէս իշխանութեան մաս կազմելը, այնպէս նաեւ ընդդիմութիւն մնալը ինքնանպատակ չէ, երբ գերադասուած է պետականութեան եւ ժողովուրդին զարգացման համար ազդեցիկ դառնալը եւ առաջադրանքներն ու ծրագիրները իրականացնելը: Քաղաքականութեան մէջ ի վերջոյ կայ հետեւողական մնալու տրամաբանութիւն, որ տուեալ ուժի վարքագիծը կրնայ յատկանշել եւ դրականօրէն ազդել անոր քաղաքական հաւաստիութեան վրայ:

Եւ խորքին մէջ գործադիր իշխանութենէն հեռու մնալու քարացած որոշումով կրնար մեկնաբանուիլ սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք Դաշնակցութեան մերժումը համագործակցութեան առաջարկներու: Այս պարագան ընդգծած կ՛ըլլար ընդդիմութիւն մնալու ինքնանպատակայնութիւնը:

Հետեւողականութիւնը նկատելու համար պէտք է վերադառնալ Դաշնակցութեան առաջադրած եօթը կէտերուն` տեսնելու համար անոնց իրականացման միտումները այսօր:

Ամփոփելով եօթը կէտերը.-

1.- Անցում կատարել խորհրդարանի ընտրութեան 100 տոկոս համամասնական սկզբունքին:

2.- Անցում կատարել կառավարման խորհրդարանական ժամանակակից համակարգին:

3.- Օրէնքով երաշխաւորուած գործուն լծակներ տրամադրել ընդդիմութեան` ձեւաւորելով իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական պետական կառավարման համակարգ:

4.- Յստակ արտայայտուած կամք դրսեւորել եւ գործուն մեքանիզմներով տարանջատել պիզնեսն ու քաղաքականութիւնը, դատական իշխանութեան լիարժէք անկախութիւնը:

5.- Ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան հիմքին մէջ դնել կենսաապահովման նուազագոյն պիւտճէն, միջսերնդային եւ ներսերնդային համերաշխութիւնը:

6.- Երկրին մէջ արդարութեան ու վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով ապահովել արդար պիզնես միջավայր:

7.- Արտաքին քաղաքականութեան մէջ որդեգրել ազգային-պետական այնպիսի ուղեգիծ, որուն գերխնդիրն է հայկական պետականութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ ինքնուրոյնութեան ապահովումը: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը պէտք է բխի ազգային անվտանգութեան ռազմավարութենէն` չվտանգելով հայ ժողովուրդի նպատակներու իրականացման, պատմական արդարութեան վերականգնման հեռանկարը: Ետ կանչել Հայաստանի ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն: Ամրագրել, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնախնդիրի լուծման հիմքը Արցախի բնակչութեան համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ արտայայտուած կամքն է: Բանակցութիւններուն մէջ ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը, կարգավիճակի եւ անվտանգութեան առաջնայնութիւնը: Հարկ եղած պարագային Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք:

Ուրեմն. նոր սահմանադրութեամբ իրականացուած են թէ՛ բացառապէս համամասնական ընտրակարգը, թէ՛ խորհրդարանական համակարգը, թէ՛ ընդդիմութեան յաւելեալ գործառոյթներ եւ լիազօրութիւններ ամրագրելու իրաւադրոյթը: 4, 5 եւ 6 կէտերը, որոնք կը վերաբերին տնտեսական ոլորտին եւ ընկերային արդարութեան կամ գործարարութեան եւ քաղաքականութեան տարանջատման առաջադրանքներուն նոր համակարգի ճիշդ աշխատելուն առընթեր իրականանալի միջնաժամկէտ ծրագիրներ են, որոնց ուղղութեամբ աշխուժ մասնակցութեամբ եւ այս պարագային գործադիր իշխանութեան ներառումով կ՛իրականանան:

Եօթներորդ կէտը, որ առանց ամփոփելու մէջբերուած է այստեղ, կը յուշէ պետութեան կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Համահայկական հռչակագիրը, Երեւան-Անգարա արձանագրութիւններու դուրս բերումը խորհրդարանի օրակարգէն: Այստեղ կը մնայ ստորագրութիւնները չեղարկելու խնդիրը:

Արցախի հարցով ակներեւ է, որ բանակցային սլաքները միշտ համադրուած են Երեւանի եւ Ստեփանակերտի կողմէ եւ մնայուն յիշեցում կը կատարուի Երեւանի կողմէ, որ Արցախի կարգավիճակի ճշդումը Արցախի ժողովուրդի որոշումով պայմանաւորուած է: Ինչ կը վերաբերի ռազմաքաղաքական դաշինքին, եօթներորդ կէտը կ՛ընդգծէ «ի պահանջեալ հարկին»-ը:

Առաջադրանքներու եւ համագործակցութեան առաջարկներուն ընդառաջելու միջեւ քաղաքական հետեւողականութիւնը պարզ, տրամաբանական ու ընկալելի կը դարձնէ համագործակցելու ընդառաջ շարժող Դաշնակցութեան որոշումը:

Ի վերջոյ առաջադրանքները կեանքի կոչելու մեկնակէտային պահը թեւակոխուած է սահմանադրութեան որդեգրումով: Համագործակցութեան շարժառիթը նոր համակարգը կեանքի կոչելուն մէջ կը կայանայ:

aztagdaily.com

Տպել Տպել