Ականի Պայթումէն Զինուորներ Վիրաւորուած Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է, որ 28 Օգոստոսին Տաւուշի մարզի տարածքին ականի պայթումէն վիրաւորուած զինուորներուն առողջական վիճակը կայուն ծանր է:
Անոր համաձայն՝ վիրաւորները 4 զինուորներ են, երեքը՝ սպայ, մէկը պարզ զինուորական ծառայող։ Անոնք ներկայիս կը գտնուին Երեւանի կեդրոնական հիւանդանոցի զինուորական բաժինին մէջ։
Ի պատասխան «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ճիշդ ո՛ր շրջանին մէջ եւ ի՞նչ հանգամանքներով տեղի ունեցած է պայթումը՝ Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ՝ «զինուորները վիրաւորուել են մարտական առաջադրանք կատարելիս»։
Հիւանդանոցի տնօրէն Արամ Ասատուրեանը «Նիուզ»ին յայտնած էր, որ զինուորներէն մէկը վիրահատութեան ենթարկուած է, հաւանական է, որ միւսն ալ նման գործողութեան կարիք ունենայ։
Արծրուն Յովհաննիսեան աւելցուցած է, որ նախարարութիւնը աւելի ուշ հաղորդագրութեամբ մը տեղեակ պիտի պահէ դէպքին մանրամասնութիւններուն մասին։ Ցարդ նոյնիսկ զինուորներուն անունները յստակ չեն։

Leave a Reply