ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ- Վերականգնելու Վճռականութեամբ


Անկախութեան տարեդարձը տօնական մթնոլորտի ու ցնծութեան առիթ պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդին համար: Անխառն երջանկութեան առիթ, որովհետեւ մեր անկախութիւնը կերտուած է բոլորովին անհաւանական պայմաններու տակ, հրաշքով, ծանրագոյն աղէտի ենթարկուած համրանքի մը անբացատրելի ուժով, տոկունութեամբ, վճռականութեամբ: Ամբողջական կործանումի եզրին հասած ազգ մըն էր, որ փիւնիկի նման վերականգնած էր ու՝ յաւերժութեան իր երթը վերահաստատած:
Այսօր այդ երթին առջեւ կանգնած են բազմաթիւ խոչընդոտներ, որոնց կարեւոր մէկ մասը, դժբախտաբար, արգասիքն է մեր ձախաւերութեանց, որոնք կու գան ծանրացնելու երկու թշնամի հարեւաններու՝ մեր գոյութեան սպառնացող բացայայտ թէ դաւադիր գործողութիւններուն ստեղծած բարդութիւնները:
Անսանձելի թուացող արտագաղթի, անարդարութեան ու իշխանական համակարգի նեխածութեան մթնոլորտին մէջ, բարոյալքութեան ու յուսահատութեան եզրին հասած կը թուինք ըլլալ, բոլո՛րս:
Նախ եւ առաջ, պէտք է վճռականօրէն մերժենք այս բարոյալքումն ու յուսահատութիւնը: Չէ՞ որ անհամեմատելի ուժերով ու հնարաւորութիւններով այսօր կը դիմագրաւենք այս խոչընդոտները: Քաոսային վիճակի մէջ, սովահար ժողովուրդ մը յաղթանակ ապահոված էր իր ոգիով, իր կամքով, իր դիմադրական բնազդով: Այսօր, պետականութեամբ օժտուած ըլլալու բախտաւորութիւնը միայն բաւարար պէտք է ըլլար, որ մենք արհամարհէինք ամէն դժուարութիւն ու սպառնալիք, եւ մեր ստեղծագործ ուժին վստահած՝ ապահով ու բարգաւաճ երկիր կառուցելու ծրագիրին իրականացումով կլանուէինք: Արձանագրելով հանդերձ, որ այսօր մեր ուժերը կը մսխուին ու կը տարտղնուին, մենք մեզի երբե՛ք թոյլ չենք կրնար տալ յանձնուիլ պարտութեան հոգեվիճակին, երբե՛ք չենք կրնար ընդունիլ ճակատագրապաշտ ձեռնթափութիւնը:
Մայիս 28ի սերունդի հերոսական ոգիին փարած՝ մենք ալ նո՛յն ճանապարհը բռնելու, մեր ժողովուրդին լուսաւոր ապագան կերտելու ուղիով միայն կրնանք առաջնորդուիլ, առանց տկարանալու, առանց յուսահատ տրամադրութեան տուրք տալու, միայն ու միայն վերականգնելու ու հզօրանալու վճռականութեամբ տոգորուած:

Leave a Reply