Welcome to E.A.F.J.D.
The European Armenian Federation for Justice and Democracy, an NGO founded in 2000 in Brussels, is the interlocutor within the institutions of the European Union, as well as the Council of Europe, representing the European citizens of Armenian origin at the European institutions.
The European Armenian Federation advocates, in the European Parliament, for the rights of the Armenian population (in Nagorno Karabakh Republic, Samtskhe – Javakheti region in Georgia, and in Turkey), and denounces the hostile attitude towards these populations (blockade against Armenia, Genocide denial, threat of war). Also, the EAFJD assists the citizens of the Republic of Armenia in their democratization process of the country.
ՌՈՒՄԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ
Պրիւքսել, նոյեմբեր 25, 2013.- Նոյեմբեր 23, 2013-ին, Ռումանիոյ Առաջնորդարանի սրահէն ներս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Սրբ. Եպսկ. Յակոբեան-Մուրատեանի պատուոյ նախագահութեամբ եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ներկայութեամբ, հիմքը դրուեցաւ եւ կազմուեցաւ Ռումանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայ էր նաեւ Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ՝ Իրինա Մանուկեանը:
Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ազրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։ Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ազրպէյճանը՝ հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրոերեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ: